2013-11-09 08:49:35

Եղբայրօգնութեան շաբաթը Պրազիլի մէջ` ''աւելի քան 57 միլիոն պրազիլցի չքաւորութեան մէջ կը գտնուին''


Գարիթասի բարեսիրական մարմինը 5-12 նոյեմբեր կազմակերպած է զօրակցութեան շաբաթը, ունենալով որպէս բնաբան.''զօրակցութիւն եւ ընկերային արդարութիւն''։ Այս տարի Պրազիլի եղբայրօգնութեան ցանցը ունի որպէս կէտնպատակ` հրաւիրել Պրազիլի ընկերութիւնը խորհրդածելու ''երկրի սովի ու աղքատութեան նիւթին'' մասին։
Պրազիլի աշխարհագրական հաստատութեան գնահատումով Պրազիլին մէջ կ'ապրին շուրջ 57 միլիոն աղքատներ հակառակ որ Պրազիլը կը նկատուի երկրագունդի 6րդ տնտեսական զօրութիւն մը։ Գարիթասը զօրակցութեան շաբաթուան ընթացքին կ'աշխատի համոզել քրիստոնեաներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը իրենց օժանդակութիւնը տալու կարօտեալին ու սատարելու վերջ դնել երկրին մէջ տիրող տնեսական անարդարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.